2014-07-28 09:40:45

Կազզա` ՄԱԿը առանց պայմանի զինադադար կը պահանջէ։


ՄԱԿի ապահովական խորհուրդը գիշերուան ընթացքին որդեգրած է յայտարարութիւն մը որուն մէջ կը պահաջէ ''անմիջական եւ առանց նախապայմանի մարդասիրական զինադադար'' Կազզայի մէջ։
Յայտնենք որ առաջին զինադադար մը տեղի ունեցած էր շաբաթ 26 յուլիսին սակայն կիրակի առաւօտեան Իսրայէլեան ուժերը վերսկսած էին իրենց յարձակումները, որովհետեւ Համաս մերժած էր մարդասիրական զինադադարը 24 ժամով երկարաձգելու իսրայէլեան կառավարութեան որոշումը։
Մինչ այդ, Կազայի կացութեան քննարկման համար Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային ժողով մը, որուն մասնակցեցան Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը:
Ժողովի աւարտին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, թէ ժողովը արտօնած է, որ զինադադարի հաստատման համար միջազգային հասարակաց աշխատանքի դրական ցուցմունքներ տրուին: Ժողովականները առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեցին երկարաձգելու մարդասիրական զինադադարը` յոյս յայտնելով, որ կարելի եղածին չափ շուտ գոյանայ մնայուն զինադադարի մը շուրջ համաձայնութիւն մը, որ կը բաւարարէ Իսրայէլի ապահովական պահանջները եւ պաղեստինցիներուն ընկերային, տնտեսական ու բարգաւաճման պահանջները: Անոնք որոշեցին անջատաբար, սակայն համակարգուած կերպով յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին աշխատանք տանիլ այդ նպատակներուն իրագործման համար:
Նշենք, որ Կազայի մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 1049-ի մինչ վիրաւորեալներունը գերազանցած է 6 հազարը:







All the contents on this site are copyrighted ©.